ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Լիբանանի մէջ Ժամանակագրական Թուայնացուած Պատմութեան» հինգ բաժիններէն իւրաքանչիւրը, պիտի ընդգրկէ 20 տարուայ ժամանակաշրջանի մը միութենական (multimedia) գործունէութիւնը:
Այս համապարփակ ծրագրին Գլխաւոր նպատակն է, Լիբանանի մէջ, ՀԲԸՄ-ի և ՀԵԸ-ի հարիւրամեայ գործունէութեան պատմութիւնը, միութենական ղեկավարներու և անդամակցութեան երկարամեայ նուիրական աշխատանքը, արդի արհեստագիտական դիւրամատչելի միջոցներով, նոր սերունդներուն և բոլոր փափաքողներուն մատչելի դարձնելը:
Այս, և այս շարքին յաջորդող բոլոր բաժիններուն մէջ ներկայացուած տուեալներուն գլխաւոր աղբիւրը, ՀԲԸՄ-ի հրատարակութիւնները և Պատմութեան գիրքերն են, Ինչպէս նաեւ, Լիբանանի մէջ, ՀԲԸՄ-ի և ՀԵԸ-ի գրասենեակային արխիւները. որոնք դժբախտաբար ամբողջական չեն: Այս առթիւ կոչ կուղղենք բոլոր մեր նախկին և ներկայ միութենական անդամներուն, և անոնց հարազատներուն ու բարեկամներուն, եթէ ունին ՀԲԸՄ-ի և ՀԵԸ-ի Լիբանանի մէջ միութենական գործունէութեան հետ առնչուած որեւէ արխիւային նիւթ՝ (նկար, փաստաթուղթ, video-audio, տեղեկագիր, անուանացանկ, յուշագրութիւն, եւայլն), շնորհակալ պիտի ըլլանք, եթէ փոխանցեն ՀԵԸ-ի Գրասենեակ: archive@agbu-aya-lbhistory.org (Բոլոր արխիւային նիւթերը պիտի վերադարձուին իրենց տէրերուն, պատճէնահանուելէ և թուայնացուելէ ետք):
ԸԲԸՄ-ի և ՀԵԸ-ի, Լիբանանի մէջ «Ժամանակագրական Թուայնացուած Պատմութեան» շարքին այս առաջինը, պիտի հանդիսանայ նախափորձ մը, որուն հիման վրայ պիտի ամբողջացնենք մնացեալ չորսը՝ (1940-1959), (1960-1979), (1980-1999) և (2000-2020): Արդ կը սպասենք ձեր նկատողութիւններուն: